Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ճառը` ''Աշխարհականներու Քահանայապետական խորհուրդի լիանիստ
ժողովի մասնակիցներուն''։
Շաբաթ, 7 դեկտեմբեր, առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի
մէջ, ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի Կառավարիչը` Կարտինալ Մարք Ուելլէն, ապա Գոնչիսդորօ
Սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց` Աշխարհականներու Քահանայապետական խորհուրդի լիանիստ
ժողովի ութսուն մասնակիցներուն, հուսկ ժամը 12-ին, Գլեմենդինա Սրահին մէջ, ընդունեց մարդու
իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող` '' Dignitatis Humanae'' հաստատութեան պատուիրակութիւն
մը, հաստատութեան ստեղծման 5-րդ տարեդարձին առթիւ։ Աշխարհականներու Քահանայապետական
խորհուրդի լիանիստ ժողովի մասնակիցներուն ուղղած իր ճառին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը
վերյիշեց Համա-ափրիկեան 2012-ի համագումարը նուրիուած` Ափրիկէի աշխարհականներու կազմաւորումին
եւ '' Mulieris dignitatem - կնոջ արժանաւորութիւն'' շրջաբերականի 25-րդ ամեակի արդիւ
կազմակերպուած ուսումնաժողովը, յայտնելով որ ժամանակակից աշխարհի մէջ Կինը կը գտնուի
մարդկայինի ազատագրումի մարտահրաւէրին առաջնահերթ կարգի վրայ։ Նորին Սրբութիւնը առիթէն
օգտուելով` դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, Պրազիլի Երիտասարդութեան համաշխարհային
օրուայ կազմակերպութեան համար ու մատնանշեց լիագումար նիստի նիւթին ''Քրիստոսը հռչակել
թուային դարաշրջնաին մէջ'', ակնարկելով թէ ցանցային ''վայրը'' երիտասարդներուն վերապահուած
իւրայատուկ վայր մըն է, որ յեղաշրջումի մէջ է եւ որ հարցադրանքի առջեւ կը դնէ հաւատքի
ու մշակոյթի միջեւ եղած կապը։ ''Թուային հաղորդակցութեան ներկայացուցած կարելիութիւններէն
կարեւորագոյներէն մին է` Աւետարանի հռչակումը -ըսաւ Քահանայապետը - եւ բաւարար չէ արհեստագիտութեան
տիրանալը այլ հարկ է, վիրաւոր ու յաճախ կորսուած, մարդոց ու կիներուն հանդիպիլ, անոնց
տալու համար յոյսի իսկական դրդապատճառներ։ Աւետարանի հռչակումը կը պահանջէ մարդկային
հաւաստիական յարաբերութիւն որ կը յանգի Տիրոջ հետ անձնական հանդիպումի։ Ասոր համար համացանցն
ու արուեստագիտութիւնը անբաւարար են բայց եւ այնպէս այս չի նշանակեր թէ Եկեղեցւոյ ցանցային
աշխարհի մէջ ներկայութիւնը անիմաստ է, ընդհակառակն, շատերուն համար կեանքի վայր դարձած
ցանցի մէջ մեր ներկայութիւնը, անհրաժեշտ է, որպէսզի, աւետարանական հոգիով, վերարծարծենք
սրտի հաստատակամ այն հարցերը` գոյութեան իմաստին վերաբերեալ եւ ցոյց տանք ճանպարհը որ
կը տանի Անոր որ հարցերու պատասխանն է` Աստուածային մարդեղացած ողորմութիւնը, մեր Տէրը
Յիսուս։ Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակեց ընդգծելով թէ ''Եկեղեցին միշտ ուղեւորութեան
մէջ է, եւ Աւետարանի քարոզութեան նոր ճանապարհներ կը փնտռէ'', ու թէ ''աշխարհական հաւատացեալներու
սատարն ու վկայութիւնը այս ուղղութեամբ ամէն օր աւելիով անհրաժեշտ կը դառնայ''։ Ֆրանչիսկոս
Պապը հուսկ ներկաներուն ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։